Կիպրոսի Հայերը
Հայերը Կիպրոսին մէջ կ՛ապրին հնագոյն ժամանակներէն ի վեր։ Ըստ «Հայ Սփիւռք» հանրագիտարանին՝ թերեւս միջնադարէն Կիպրոսի մէջ կը բնակին ամուրի հայ պաշտօնեաներ, զինուորականներ եւ առեւտրականներ։ Հայկական համայնքը կը ձեւաաւորուի 12-րդ դարուն։ Կիլլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն եւ հայոց ցեղասպանութենէն ետք Կիպրոսին մէջ հայերուն թիւը կը ստուերանայ։ Ներկայիս Կիպրահայերուն թիւը 4.000 է, որոնք ընդհանրապէս կ'ապրին Նիկոսիա, Լարնաքա, Լիմասոլ, Ֆամագուստա, Փաֆոս քաղաքներուն մէջ։ Կիպրոսի հայ համայնքի թուաքանակին մասին նմանատիպ ցուցանիշը, հրապարակուած է նաեւ կիպրոսաբնակ հայութեան համացանցի կայքին մէջ։
Հայկական սփիւռքի աւանդական կառոյցները միշտ աշխուժօրէն կը գործեն՝ ըլլալով հայ համայնքի ինքնակազմակերպական եւ հայապահպանութեան արդիւնաւէտ շարժումը։ Հայերը՝ իբրեւ Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, ամբողջովին այդ երկրի հասարակութեան մէջ աշխուժ մասնակցութիւն կը ցուցաբեն, յատկապէս հասարակական-քաղաքական կեանքին։ Անոր լաւագոյն վկայութիւնը, թերեւս, այն է, որ սոյն թուականին 6 Մարտ-ին հայազգի Մարիոս Գարոյանն ընտրուեցաւ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ։ Ան, 22 Հոկտեմբեր 2006-ին Կիպրոսի առաջատար քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկուն՝ Ժողովրդավարական Կուսակցութեան նախագահութիւնը վարեց։ Կիպրոսաբնակ հայութիւնը ունի կրօնական համայնքի կարգավիճակ։ Կիպրոսի խորհրդարանին հայ համայնքի ներկայացուցիչն է նշանաւոր գործարար եւ հասարակական- քաղաքական գործիչ՝ Վարդգէս Մահտէսեանը։ Կիպրական հասարակութեան մէջ հայերու գործակցութեան մասին կը վկայէ Կիպրոսի նախագահ Դիմիստրիս Քրիստոֆիասը, որ գլխաւորած է Լիմասոլի հայկական դպրոցի բացման արարողութիւնը 5 Նոյեմբեր 2006-ին։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- cyprusarmenians.com. կիպրահայերու կայք
- հայկական «Արձագանք» ամսաթերթի կայք Archived 2012-07-31 at the Wayback Machine.
- Կիպրոսի հայկական ազգային կոմիտէի կայք Archived 2011-09-04 at the Wayback Machine.
- Gibrahayer.org. կիպրահայերու կայք Archived 2015-01-31 at the Wayback Machine.
- Hayem.org. կիպրահայերու կայք